2015-10-23 10:45:00

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի ելոյթը` Միջին Արեւելքի իրավիճակի մասին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 22 հոկտեմբեր 2015-ին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզա մասնակցելով ՄԱԿ-ի ''Միջին արեւելքի իրավիճակը'' նիւթով  նիստին ելոյթ ունեցաւ` որուն մէջ շեշտը դրաւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհարումներու հետեւանքով յառաջացած մարդկայնական ծանր տագնապին ու բռնութիւններուն որոնց ենթակայ են անմեղ քաղաքացիները։

Գերապայծառ Աուզա ապա ակնարկեց ծայրայեղականներու իրագործած ոճիրին ու անոնց ծրագիրին` արմատախիլ ընելու քրիստոնեաներն ու այլ փոքրամասնութիւնները իրենց պապենական հողերէն։

Սուրբ Աթոռը – ըսաւ գերապայծառ Աուզա  - մեծապէս մտահոգուած է ՏԱՀԵՇի հսկողութեան տակ գտնուող  քրիստոնեաներու եւ միւս փոքրամասնութիւններու հարցով։ Սուրբ Աթոռը ապա հանրային ուշադրութեան կը յանձնէ շրջանի մարդկային ու մշակութային ժառանգութեան անխտիր կործանումը այդ խմբակներու կողմէ''։

Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը մատնանշեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 25 սեպտեմբերին­, ՄԱԿ-ին տուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին  այս առընչութեամբ ՄԱԿ-ին ուղղած խօսքերուն ապա նշեց Պաղեստինեան հարցը, Սուրիական ծանր տագնապը ու դիտել տուաւ թէ   ''ցաւալի է որ Մերձաւոր Արեւելքը որ է օրրանը մեծ քաղաքակրթութիւններուն ու ծննդավայր երեք միաստուածեան կրօններուն, այսօր մխրճուած ըլլայ այնպիսի կացութեան մը մէջ'' որ կը միաւորէ ամէն տեսակ հակամարտութիւն եւ որուն լուծումը կարելի է ոչ թէ  ''զէնքի վաճառումով'' այլ միջազգային հասարակութեան յանձնառումով շրջանի մէջ մնայուն եւ անկողմնակալ բանակցութիւններ հաստատելու։

Գերապայծառ Աուզա ապա շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի այն երկիրներուն որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը հիւրընկալեն միլիոնաւոր գաղթականներ ու այս առընչութեամբ ընդգծեց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր կառոյցներով միշտ պատրաստ է նպաստելու մարդկայնական օժանդակութեան։

Իր միջամտութեան աւարտին գերապայծառ Աուզա կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան օգնութեան հասնելու շրջանի երկիրներուն որպէսզի անոնք կարենան պահպանել քաղաքական կայունութիւնը` ու այս ծիրէն ներս յատկապէս Լիբանանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.